Երէկ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար 2018-2019 տարեշրջանի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ մաս կազմեց 13-րդ խմբակին, իրեն դէմ պիտի ունենայ Խրուաթիան, Իտալիան եւ Անտորրան:
Զտումի այս մրցումները տեղի պիտի ունենան Խրուաթիոյ մէջ, 27 հոկտեմբերէն 2 նոյեմբեր 2018: