Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջազգային բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր, որ մաս կը կազմէ Պայէրն Միւնիխին, ըստ ֆրանսական «Ֆրանս ֆութպոլ» մարզաթերթին, աշխարհի լաւագոյն բերդապահն է, կը յայտնէ «101 կրէյթ-կոլզ»-ը:
Անանուն քուէարկութեան հիմամբ, գերմանացին ապահովելով 30 կէտ, գերազանցեց Եուվենթուսի իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոնը (13 կէտ):
Երրորդ դիրքին վրայ յայտնուեցաւ Չելսիի պելճիքացի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա (9 կէտ):
Նախապէս այս մրցանակին արժանացած են Սանթիակօ Քանիսարես, Լիոնել Լեթիզի, Սեփ Մայըր եւ ուրիշներ: