Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին գործադիր խորհուրդին որոշումով, որակազրկուեցաւ Ռուսիոյ Ազգային ողիմպիական կոմիտէն, որ այսպիսով պիտի չկարենայ մասնակցիլ 2018-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն, յայտնեց Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ռուս ոեւէ պաշտօնեայ ողիմպիականի որեւէ հաւատարմագիր պիտի չստանայ:
Ռուսիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար, փոխվարչապետ Վիթալի Մութքօ ցմահ զրկուեցաւ ողիմպիական խաղերու հաւատարմագիրէն:
Ողիմպիական խաղերուն իրենց տոմսը ապահոված եւ խթանիչ դեղերու գործածութեան հետ առնչութիւն չունեցող ռուս մարզիկներուն կը թոյլատրուի ողիմպիականին մասնակցիլ չէզոք դրօշի տակ:
Ռուս մարզիկները պիտի կոչուին «Ողիմպիականի մարզիկներ` Ռուսիայէն», իսկ պարգեւատրումի ընթացքին Ռուսիոյ քայլերգին փոխարէն պիտի հնչէ ողիմպիականի քայլերգը:
Բնականաբար, ասիկա կու գայ բաւական ծանր հարուած մը հասցնելու ռուս աթլեթներուն:
2018-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան 9-25 փետրուարին, Հարաւային Քորէայի մէջ: