«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի մարզիկ Սթեֆըն Քարի 2 շաբաթով պիտի բացակայի դաշտերէն, յայտնեց «Ի. Էս. Փի. Էն.»:
Թէեւ ան 5 դեկտեմբերին Նիւ Օրլինզի դէմ տեղի ունեցած մրցումին նշանակեց 31 կէտ, սակայն չորրորդ քորթըրին վիրաւորուելով մրցումը կիսատ ձգեց:
29 տարեկան Քարիի` իւրաքանչիւր մրցումի միջին հաշուով նշանակած կէտերու քանակը կը գնահատուի 26,3 կէտ: