Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դաւթեան Տիրացաւ Ոսկի, Արծաթ Եւ Պրոնզ Մետալներու

Հայաստանի ներկայացուցիչ Արթուր Դաւթեան մետալներու տիրացաւ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած մարմնամարզութեան միջազգային մրցաշարքին իր կատարած մրցումներուն: Հենացատկի մրցումներուն ան տիրացաւ ոսկի մետալի, իսկ նժոյգի մրցումներուն, ռուս մարզիկի մը հետ, բաժնեց 2-3-րդ դիրքերը: Զոյգ-փայտի մրցումներուն ան տիրացաւ պրոնզ մետալի, իսկ օղակներու մրցումներուն, ռուս մարզիկի մը հետ բաժնեց 2-3-րդ դիրքերը: Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Վիգէն Խաչատրեան, տիրացաւ պրոնզէ մետալի, ազատ մրցումներուն ընթացքին:

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ Կասեցուց Ռոքեթցի Յառաջխաղացքը, Հակառակ Անոր Որ Հարտեն Նշանակեց… 51 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 122-116 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Հիուսթըն Ռոքեթցի դաշտէն: Իր արձանագրած այս յաղթանակով, այսպիսով Լէյքըրզ եկաւ կասեցնելու Ռոքեթցի յառաջխաղացքը: Վերջինս նախորդ 14 մրցումներուն արձանագրեց յաջորդական 14 յաղթանակ: Ճէյմս Հարտեն Լէյքըրզի դէմ տեղի ունեցած մրցումին Թէեւ Ռոքեթցի մարզիկներէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 51 կէտ, սակայն...

Անգլիական Ֆութպոլ. Տիտղոսակիր Մանչեսթըր Եունայթըտ Դուրս Մնաց Լիկայի Բաժակի Մրցաշարքէն

Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակակիր Մանչեսթըր Եունայթըտ չյաջողեցաւ ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը, երբ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պրիսթոլ Սիթիէն, որ մաս կը կազմէ Գ. դասակարգին: Էշթըն Կէյթի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, հիւրընկալ կազմին յաղթանակի կոլը մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (93-րդ) նշանակեց Քորի Սմիթ, որ այսպիսով դարձաւ իր կազմին հերոսը: Մրցումին հաշիւը բացաւ Պրաժըն, որմէ ետք Զլաթան Իպրահիմովիչ նշանակեց Եունայթըտի...

Գերմանական Ֆութպոլ. Բաժակի Մրցաշարք. Պայէրն Միւնիխ Հասաւ Քառորդ Աւարտական` Յաղթելէ Ետք Պորուսիա Տորթմունտին (2-1)

Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պայէրն Միւնիխ - Պորուսիա Տորթմունտ ճակատումը աւարտեցաւ տիտղոսակիրին` Տորթմունտի պարտութեամբ, որ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Պայէրն - Տորթմունտ մրցումէն Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Գերմանիոյ ախոյեանը ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Ժըրոմ Պոաթենկ (12-րդ) եւ Թոմաս Միւլըր (40-րդ): Տորթմունտի միակ կոլը նշանակեց Անտրիյ Եարմոլենքօ (77-րդ): Եուփ...

Դաւիթ Թորոսեան. «Եթէ Չխանգարեն, Կը Հասնինք Մինչեւ Թոքիօ-2020»

Հայ կռփամարտիկներուն համար տարին յաջող էր թէ՛ սիրողական եւ թէ՛ արհեստավարժ մրցագորգերուն վրայ: Հայկական կռփամարտը վերածնունդ կ՛ապրի: Կը մնայ միայն, որ մեզի չխանգարեն, եւ յաջողութիւնները կը հասնին մինչեւ Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերը: Այս մասին լրագրողներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Դաւիթ Թորոսեան` ամփոփելէ ետք 2017 տարին: Ան ըսաւ, որ «2018-ին պիտի աշխատինք ֆիզիքականին վրայ,...

Ռոնալտոյի Գործակատարը Կը Հերքէ Չիլիի Մէջ Կառուցուող Հիւանդանոցի Մասին Տեղեկութիւնը

Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ չի ծրագրեր Չիլիի մէջ հիւանդանոց մը կառուցել, ինչպէս նախապէս կը խօսուէր: Փորթուգալցիին գործակատարը` Ժորժէ Մենտեշ հերքեց այդ տեղեկութիւնը: Նշենք, որ Ռոնալտօ կը հանդիսանայ «Սեյվ տը Չիլտրըն» կազմակերպութեան դեսպանը, որ կը զբաղի երեխաներու պաշտպանութեամբ` ամբողջ աշխարհին մէջ: Բացի ատկէ, ան ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի եւ Ուորլտ Վիժընի դեսպանն է: «Այդ լուրը ոչ հաւաստի տեղեկութիւն է, որ Ռոնալտոյի պէս յայտնի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նըժմէ Ներկայացուց Իր Նոր Մարզիչը

Երէկ յետմիջօրէին իր դաշտին վրայ, ֆութպոլասէր հասարակութեան ներկայութեան, լիբանանեան ֆութպոլին մէջ ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող խումբը` Նըժմէ, ներկայացուց իր նոր մարզիչը` գերմանացի Թէօ Պիւքըրը: Ան հետեւեցաւ խումբին կատարած փորձերուն, բնականաբար շուտով սկսելու համար քիչ մը աւելի ծանր փորձերու` պատրաստուելու համար Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումներուն:

Սուանզի Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորման վերջին դիրքը գրաւող Սուանզի Սիթի որոշեց պաշտօնանկ ընել իր մարզիչը` Փոլ Քլեմենթը, խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով: Ակումբին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ տարեշրջանի կիսուն տեղի ունենալիք մարզիչի այս փոփոխութիւնը վերջին փորձն է, որ կրնանք ընել, որպէսզի խումբը Ա. դասակարգ չփոխադրուի: Անոր հետ մեկնեցան նաեւ անոր օգնականները` Նայճըլ Կիպզ եւ Քարլ Հալապի: Կը...

Գերմանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Յառաջապահը Տեղափոխուեցաւ Պայէրն Միւնիխ

Պայէրն Միւնիխ երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ իր կազմին միացուցած է Հոֆընհայմի գերմանացի յառաջապահ Սանտրօ Վակնըրը: Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին 30 տարեկան յառաջապահը մինչեւ 2020-ի ամառ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեանին հետ: Ան Պայէրնին պիտի միանայ 1 յունուար 2018-ին` կրելով թիւ 2 մարզաշապիկը: Ան նախապէս 2006-էն 2008 մաս կազմած է Պայէրն Միւնիխի: Ան Հոֆընհայմի շապիկը կը կրէ 2016-էն ի վեր:

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերն Ալ Պարտուեցան

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` Երկրորդ Դիրքին Վրայ

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը իր մրցումը կը կատարէ Հումին Ֆաուքայի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ շաբաթ, 23 դեկտեմբերին, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին: Ցարդ իր կատարած 4 մրցումներուն ընթացքին ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ արձանագրած է երեք յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը, 9 կէտով կը գրաւէ...

Քոնկ Ֆու – Ուու Շու. Ս. Ծննդեան Մրցաշարքին Մասնակցեցան 84 Մարզիկներ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, Պուտտա ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 84 մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները. Անթունիէ Պաապտա, Պուտտա Ատմա, Պել Հորիզոն-Ատմա, Սանթրալ-Ժունիէ, Շաոլին-Պէյրութ, Շեպիպեթ Շիահ, Ժամհուր եւ Նըմուր Պէյրութ: Տեղի ունեցան 6-9 տարեկան փոքրերու (տղաք) Քինտայի մրցումներ: Ապահովելով 55 կէտ` Պուտտա գրաւեց առաջին դիրքը, ապա յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ...

Ռիատիի Նախագահ Հիշամ Ժարուտի Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

Երէկ կէսօրին Մանարայի մէջ գտնուող Ռիատի Պէյրութի ակումբին մէջ մամլոյ ասուլիս մը տալով` Ռիատի Պէյրութի նախագահ Հիշամ Ժարուտի (74 տարեկան) պաշտօնապէս ներկայացուց իր հրաժարականը` ներկայութեամբ լիբանանեան պասքեթպոլի ընտանիքին եւ մարզական լրագրողներու: Ժարուտի յայտարարեց, որ աւելի քան 25 տարիներ ծառայելէ ետք իր սիրած այս ակումբին, կ՛ուզէ նախագահի իր այս պաշտօնը յանձնել նոր նախագահի մը` Նատեր Հարիրիի, որ անշուշտ պիտի շարունակէ իր...

Ժիւտօ. 87 Մարզիկներ Մասնակցեցան Ճափոնական Դեսպանատան 2017-ի Ախոյեանութեան

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Մաթահիրօ Եամակուչիի եւ դեսպանատան կարգ մը անդամներուն, Պուտտա Ատմայի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ճափոնական դեսպանատան 2017-ի ժիւտոյի բաց ախոյեանութիւնը` տղոց եւ աղջկանց մրցումներով: Այս մրցումներուն ներկայ էին նաեւ Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրանսուա Սաատէ եւ այլ անդամներ: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 87 երկսեռ մարզիկներ` հետեւեալ ակումբներէն. Լիբանանեան բանակ, Մոն Լա Սալ, Պըրժ...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերն Ալ Պարտուեցան

Ֆութսալ. Պէյրութի Դրամատան Խումբը` Ցարդ Անպարտելի

Լիբանանի ֆութսալի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, ախոյեան Պէյրութի դրամատունը կը մնայ ցարդ անպարտելի միակ խումբը: Անիկա 8-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հըրրիէ Սայտային, ապահովեց առաւելագոյն 36 կէտը` կատարելէ ետք իր 12-րդ մրցումը: Բոլոր խումբերն ալ գրեթէ կատարած են 12-ական մրցում` նկատի ունենալով, որ 12-րդ խումբը` Ժընուպ Ռիատի քաշուեցաւ ախոյեանութենէն: Ստորեւ` դասաւորման պատկերը.   Կէտ 1.- Պէյրութի դրամատուն...

Լողարշաւ. Ժազիրայի Կազմակերպած Ս. Ծննդեան 61-րդ Մրցումը` Կիրակի, 24 Դեկտեմբերին

Կազմակերպութեամբ Ժազիրա Ռիատի ակումբին (հիմնուած` 1954-ին), հովանաւորութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնին, կիրակի, 24 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, լիբանանեան բանակի զինուորական կեդրոնին մէջ (Մանարա) տեղի կ՛ունենայ Ս. Ծննդեան լողարշաւի 61-րդ մրցումը: Այլ գետնի վրայ, Ժազիրա ակումբը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Հեմիլթըն Աքուաթիքս Ուինթըր լոնկ» լողարշաւի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ...

Վոլիպոլ. Քալամունի Աղջկանց Խումբը Տիրացաւ Ս. Ծննդեան Մրցաշարքի Տիտղոսին

Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով` Սեն Ժոզեֆ համալսարանի մարզական բաժանմունքը կազմակերպեց աղջկանց վոլիպոլի իր Ս. Ծննդեան մրցաշարքը` մասնակցութեամբ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող հետեւեալ 8 խումբերուն. Քալամուն (տիտղոսակիր), 1875 (փոխախոյեան), Ամշիթ, Պաապտա, Շիահ, Ինաաշ Իժթիմահի, Քնաթ, Զահրաա Թրիփոլի եւ Ժմմէյզէի Ս. Հոգի: Նախորդ տարուան աւարտական մրցումին նման իրարու դէմ դարձեալ ճակատեցան Քալամուն եւ 1875: Քալամուն 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով յաջողեցաւ տիտղոսը...

Ծանրաբարձութեան Միջազգային Ֆետերասիոնը Կրնայ Կրճատել Հայաստանի Որակազրկումը

Հայաստանի տղոց ծանրաբարձութեան ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ, Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Փաշիկ Ալավերդեանի համաձայն, ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը 15 յունուար 2018-ին, իր գումարելիք համագումարին շատ հաւանաբար Հայաստանի եւ երկու այլ երկիրներու որակազրկումը մեղմացնէ` 6 կամ աւելի քիչ ամիսներով: 30 սեպտեմբեր 2017-ին իր գումարած նիստերէն մէկուն ընթացքին, ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը որակազրկեց 9 երկիրներ, որոնց կարգին` Հայաստանը: Վերջերս այս մարզաձեւին մէջ բացայայտուեցան...

Հայ Մարմնամարզիկները Մետալներու Տիրացան Մոսկուայի Մէջ

Հայաստանի ներկայացուցիչները 2 մետալի տիրացան Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած մարմնամարզութեան մրցաշարքին, որ նուիրուած էր Ողիմպիական խաղերու կրկնակի ախոյեան Միհայիլ Վորոնինի յիշատակին: Արթուր Դաւթեան եւ Վիգէն Խաչատրեան, հանդէս գալով խմբային մրցումներուն եւ արձանագրելով 161.550 կէտ, հանդիսացան պրոնզէ մետալակիր: Տինամօ խումբը հանդիսացաւ առաջին, իսկ երկրորդ դիրքը գրաւեց Ռուսիոյ հաւաքականը: Արթուր Դաւթեան պրոնզէ մետալի մը տիրացաւ նաեւ բազմամարտի մրցումներուն` արձանագրելով 82.200 կէտ: Այս...

Վանաձորի Մէջ Սկսան Ֆութպոլի Մարզադաշտին Շինարարական Աշխատանքները

Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Վանաձորի մէջ սկսան ֆութպոլի մարզադաշտին շինարարական աշխատանքները: Լոռի ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս աշխատանքը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին համատեղ ջանքերով, որպէսզի խումբը յառաջիկայ տարեշրջանին իր ելոյթները կատարէ միջազգային չափանիշներ ունեցող մարզադաշտի մը մէջ: Լոռին այս տարեշրջանին հանդէս կու գայ Հայաստանի ֆութպոլի առաջին լիկային մէջ:  

Նէօյըր Պայէրն Միւնիխի Հետ Պիտի Չմեկնի Քաթար

Իր ստացած վնասուածքէն վերականգնող գերմանացի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր պիտի չմասնակցի Պայէրն Միւնիխի ձմեռնային հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ Քաթարի մէջ, յայտնեց գերմանական ակումբի գլխաւոր մարզիչ Եուփ Հայնքես: Նէօյըր ֆութպոլի դաշտերէն կը բացակայի նախորդ սեպտեմբերէն ի վեր, երբ ոտքի վնասուածք ստացած էր փորձերու ընթացքին: Նախապէս կը նշուէր, որ բերդապահը դաշտ կրնայ վերադառնալ յունուար 2018-ին, սակայն աւելի ուշ գերմանական մամուլը նշեց, որ...

Page 891 of 1278 1 … 890 891 892 … 1,278

Արխիւներ