Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ չի ծրագրեր Չիլիի մէջ հիւանդանոց մը կառուցել, ինչպէս նախապէս կը խօսուէր: Փորթուգալցիին գործակատարը` Ժորժէ Մենտեշ հերքեց այդ տեղեկութիւնը:
Նշենք, որ Ռոնալտօ կը հանդիսանայ «Սեյվ տը Չիլտրըն» կազմակերպութեան դեսպանը, որ կը զբաղի երեխաներու պաշտպանութեամբ` ամբողջ աշխարհին մէջ:
Բացի ատկէ, ան ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի եւ Ուորլտ Վիժընի դեսպանն է:
«Այդ լուրը ոչ հաւաստի տեղեկութիւն է, որ Ռոնալտոյի պէս յայտնի մարդոց մասին կու գայ սխալ հասկացողութիւն ձեւաւորելու բոլորին մօտ», ըսաւ Մենտեշ: