Պայէրն Միւնիխ երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ իր կազմին միացուցած է Հոֆընհայմի գերմանացի յառաջապահ Սանտրօ Վակնըրը:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին 30 տարեկան յառաջապահը մինչեւ 2020-ի ամառ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեանին հետ:
Ան Պայէրնին պիտի միանայ 1 յունուար 2018-ին` կրելով թիւ 2 մարզաշապիկը:
Ան նախապէս 2006-էն 2008 մաս կազմած է Պայէրն Միւնիխի: Ան Հոֆընհայմի շապիկը կը կրէ 2016-էն ի վեր: