Հայաստանի ներկայացուցիչները 2 մետալի տիրացան Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած մարմնամարզութեան մրցաշարքին, որ նուիրուած էր Ողիմպիական խաղերու կրկնակի ախոյեան Միհայիլ Վորոնինի յիշատակին:
Արթուր Դաւթեան եւ Վիգէն Խաչատրեան, հանդէս գալով խմբային մրցումներուն եւ արձանագրելով 161.550 կէտ, հանդիսացան պրոնզէ մետալակիր:
Տինամօ խումբը հանդիսացաւ առաջին, իսկ երկրորդ դիրքը գրաւեց Ռուսիոյ հաւաքականը:
Արթուր Դաւթեան պրոնզէ մետալի մը տիրացաւ նաեւ բազմամարտի մրցումներուն` արձանագրելով 82.200 կէտ:
Այս մրցաշարքին մասնակցեցան 26 երկիրներէ 164 մարմնամարզիկներ: