Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, Պուտտա ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 84 մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները. Անթունիէ Պաապտա, Պուտտա Ատմա, Պել Հորիզոն-Ատմա, Սանթրալ-Ժունիէ, Շաոլին-Պէյրութ, Շեպիպեթ Շիահ, Ժամհուր եւ Նըմուր Պէյրութ:
Տեղի ունեցան 6-9 տարեկան փոքրերու (տղաք) Քինտայի մրցումներ:
Ապահովելով 55 կէտ` Պուտտա գրաւեց առաջին դիրքը, ապա յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Նըմուր (16 կէտ) եւ Շաոլին (14 կէտ):
Նշենք, որ իրաւարարներուն կարգին էր նաեւ Րաֆֆի Սարգիսեան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: