Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Մաթահիրօ Եամակուչիի եւ դեսպանատան կարգ մը անդամներուն, Պուտտա Ատմայի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ճափոնական դեսպանատան 2017-ի ժիւտոյի բաց ախոյեանութիւնը` տղոց եւ աղջկանց մրցումներով:
Այս մրցումներուն ներկայ էին նաեւ Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրանսուա Սաատէ եւ այլ անդամներ:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 87 երկսեռ մարզիկներ` հետեւեալ ակումբներէն. Լիբանանեան բանակ, Մոն Լա Սալ, Պըրժ Ռիատի, Պուշիտօ Տուժու-Մինա Թրիփոլի, ներքին ապահովութեան ուժեր, Ուաթանի, Մար Ռուքոզ -Քլէյաաթ, Պըրժ Պաալպեք, Կոլտըն Պատի, Օլիմփի Պէյրութ եւ Պուտտա:
Մրցումներէն ետք, որոնք տեղի ունեցան բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մը մէջ, տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: