Հայաստանի տղոց ծանրաբարձութեան ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ, Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Փաշիկ Ալավերդեանի համաձայն, ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը 15 յունուար 2018-ին, իր գումարելիք համագումարին շատ հաւանաբար Հայաստանի եւ երկու այլ երկիրներու որակազրկումը մեղմացնէ` 6 կամ աւելի քիչ ամիսներով:
30 սեպտեմբեր 2017-ին իր գումարած նիստերէն մէկուն ընթացքին, ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը որակազրկեց 9 երկիրներ, որոնց կարգին` Հայաստանը:
Վերջերս այս մարզաձեւին մէջ բացայայտուեցան խթանիչ դեղերու գործածութեան բազմաթիւ պարագաներ եւ բազմաթիւ մարզիկներ կախակայուեցան: