Երէկ կէսօրին Մանարայի մէջ գտնուող Ռիատի Պէյրութի ակումբին մէջ մամլոյ ասուլիս մը տալով` Ռիատի Պէյրութի նախագահ Հիշամ Ժարուտի (74 տարեկան) պաշտօնապէս ներկայացուց իր հրաժարականը` ներկայութեամբ լիբանանեան պասքեթպոլի ընտանիքին եւ մարզական լրագրողներու:
Ժարուտի յայտարարեց, որ աւելի քան 25 տարիներ ծառայելէ ետք իր սիրած այս ակումբին, կ՛ուզէ նախագահի իր այս պաշտօնը յանձնել նոր նախագահի մը` Նատեր Հարիրիի, որ անշուշտ պիտի շարունակէ իր ճամբան` աշխատելով ի նպաստ իր ակումբին եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտպանելով ակումբին շահերը:
Ան շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց նաեւ այս երկար տարիներուն իրեն հետ գործակցած բոլոր անձերուն անխտիր, որոնց հետ ունեցած է լաւ կամ գէշ օրեր:
Ան եզրափակեց, որ թէեւ կը լքէ իր այս պաշտօնը, բայց իր սիրտը մի՛շտ պիտի մնայ իր սիրելի ակումբին հետ:
Մամլոյ այս ասուլիսէն ետք, Պէյրութի քաղաքապետութիւնը, պատուելով Ժարուտին, Մանարայի դաշտին մօտ գտնուող հրապարակը անուանեց անոր անունով եւ կատարեց անոր պաշտօնական բացումը` ձեռամբ Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Իթանիի: