Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով` Սեն Ժոզեֆ համալսարանի մարզական բաժանմունքը կազմակերպեց աղջկանց վոլիպոլի իր Ս. Ծննդեան մրցաշարքը` մասնակցութեամբ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող հետեւեալ 8 խումբերուն. Քալամուն (տիտղոսակիր), 1875 (փոխախոյեան), Ամշիթ, Պաապտա, Շիահ, Ինաաշ Իժթիմահի, Քնաթ, Զահրաա Թրիփոլի եւ Ժմմէյզէի Ս. Հոգի:
Նախորդ տարուան աւարտական մրցումին նման իրարու դէմ դարձեալ ճակատեցան Քալամուն եւ 1875:
Քալամուն 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով յաջողեցաւ տիտղոսը պահել իր մօտ:
Այս առաջին մրցաշարքին 1875 դարձեալ հասած էր աւարտական, ուր պարտուած էր Ամշիթէն: