Հայ կռփամարտիկներուն համար տարին յաջող էր թէ՛ սիրողական եւ թէ՛ արհեստավարժ մրցագորգերուն վրայ: Հայկական կռփամարտը վերածնունդ կ՛ապրի: Կը մնայ միայն, որ մեզի չխանգարեն, եւ յաջողութիւնները կը հասնին մինչեւ Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերը:
Այս մասին լրագրողներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Դաւիթ Թորոսեան` ամփոփելէ ետք 2017 տարին:
Ան ըսաւ, որ «2018-ին պիտի աշխատինք ֆիզիքականին վրայ, որպէսզի 2019-էն սկսեալ կեդրոնանանք ողիմպիական վարկանիշներուն վրայ»:
Թորոսեան ըսաւ, որ ողիմպիականի տոմսերուն համար պիտի պայքարին Արամ Աւագեան, Գոռ Երիցեան եւ Նարեկ Աբգարեան: