Իր ստացած վնասուածքէն վերականգնող գերմանացի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր պիտի չմասնակցի Պայէրն Միւնիխի ձմեռնային հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ Քաթարի մէջ, յայտնեց գերմանական ակումբի գլխաւոր մարզիչ Եուփ Հայնքես:
Նէօյըր ֆութպոլի դաշտերէն կը բացակայի նախորդ սեպտեմբերէն ի վեր, երբ ոտքի վնասուածք ստացած էր փորձերու ընթացքին:
Նախապէս կը նշուէր, որ բերդապահը դաշտ կրնայ վերադառնալ յունուար 2018-ին, սակայն աւելի ուշ գերմանական մամուլը նշեց, որ անոր վերադարձը կ՛ակնկալուի յառաջիկայ գարնան: