Հայաստանի ներկայացուցիչ Արթուր Դաւթեան մետալներու տիրացաւ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած մարմնամարզութեան միջազգային մրցաշարքին իր կատարած մրցումներուն:
Հենացատկի մրցումներուն ան տիրացաւ ոսկի մետալի, իսկ նժոյգի մրցումներուն, ռուս մարզիկի մը հետ, բաժնեց 2-3-րդ դիրքերը:
Զոյգ-փայտի մրցումներուն ան տիրացաւ պրոնզ մետալի, իսկ օղակներու մրցումներուն, ռուս մարզիկի մը հետ բաժնեց 2-3-րդ դիրքերը:
Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Վիգէն Խաչատրեան, տիրացաւ պրոնզէ մետալի, ազատ մրցումներուն ընթացքին: