Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորման վերջին դիրքը գրաւող Սուանզի Սիթի որոշեց պաշտօնանկ ընել իր մարզիչը` Փոլ Քլեմենթը, խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Ակումբին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ տարեշրջանի կիսուն տեղի ունենալիք մարզիչի այս փոփոխութիւնը վերջին փորձն է, որ կրնանք ընել, որպէսզի խումբը Ա. դասակարգ չփոխադրուի:
Անոր հետ մեկնեցան նաեւ անոր օգնականները` Նայճըլ Կիպզ եւ Քարլ Հալապի:
Կը կարծուի, որ այսօր պիտի նշանակուի Սուանզիի նոր մարզիչը: