Մարզական

«Լա – Լիկա». Շաբաթ, 23 Դեկտեմբերին` «Քլասիքօ»-Ի Ճակատումը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա-Լիկա»-ի սպասուած «Քլասիքօ»-ն Պարսելոնայի եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի միջեւ, տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 23 դեկտեմբերին, առաջինին դաշտին` «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ: 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունենալիք այս ճակատումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 14:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Պարսելոնա, ինչպէս նաեւ Աթլեթիքօ Մատրիտ ցարդ անպարտելի են:

«Էն.Պի.Էյ .». Լեպրոն Ճէյմս Նշանակեց 39 Կէտ, Բայց Քաւալիրզ Պարտուեցաւ

«Էն.Պի.Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած երեք մրցումներուն ընթացքին, յաղթական դուրս եկան հիւրընկալ կազմերէն երկուքը: Ուաշինկթընի մէջ, Ուիզըրտծ տասը կէտի տարբերութեամբ` 116-106 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Նիւ Օրլինզին: Վերջինէն Անթոնի Տէյվիս թէեւ նշանակեց 37 կէտ, սակայն անոր կազմը կրեց տարեշրջանի իր 16-րդ պարտութիւնը: Քլիվլենտ Քաւալիրզ երեք կէտի տարբերութեամբ` 119-116 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Միլուոքի Պաքսի դաշտին վրայ: Լեպրոն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Եւ Անթունիէ` Յաղթական

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Պէյրութ, որ Շիահի իր մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը, կրեց տարեշրջանի իր չորրորդ պարտութիւնը (6 յաղթանակներու կողքին)` 83-64 արդիւնքով: Պէյրութ - Ռիատի երէկուան մրցումէնPROFOTO Մինչ Ռիատի, որ ցարդ կրած է 2 պարտութիւն (ՀՄԸՄ-էն եւ Շանվիլէն), արձանագրեց իր 9-րդ յաղթանակը: Մրցումին...

Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Ժողով. Յովսէփ Գանլըճեան 2017 Տարին Աւարտեց Երիտասարդներու Դասաւորման Առաջին Դիրքին Վրայ

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ երեքշաբթի, 30 յունուար 2018-ին պիտի գումարէ իր Ընդհանուր ժողովը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, ժամը 19:00-էն սկսեալ: Յայտարարուեցան նաեւ 2018-ին տեղի ունենալիք տարբեր մրցաշարքերու եւ ախոյեանութիւններու Լիբանանի մասնակցութեան պարագաները (միջազգային եւ արաբական գետնի վրայ) ինչպէս նաեւ տարբեր համաժողովներու Լիբանանը ներկայացնող անձերուն անունները: 68 կէտ ապահովելով, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի հեծելանւորդ Յովսէփ Գանլըճեան գրաւեց երիտասարդներու վերջնական դասաւորման պարագլուխի...

Ճատրակ. Համաշխարհային Ողիմպիական. Հայաստան Հանդիսացաւ Չորրորդ

Հնդկաստանի մէջ աւարտած` ճատրակի 16 տարեկանէն վար համաշխարհային ողիմպիականին, Հայաստանի պատանեկան հաւաքականը գրաւեց չորրորդ դիրքը: Հայրենի կազմը, որուն մաս կազմեցին Արամ Յակոբեան, Շանթ Սարգսեան, Դաւիթ Միրզոյեան, Մամիկոն Ղարիպեան եւ Աննա Սարգսեան, ապահովեց 12 կէտ` արձանագրելով 6 յաղթանակ եւ կրելով 3 պարտութիւն: Ռուսիա 16 կէտով դարձաւ տիտղոսակիր մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Հնդկաստանի առաջին խումբը (15 կէտ)...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Գումարեց Քսան Վայրկեան Տեւողութեամբ Ժողով Մը

Շաբաթասկիզբին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը Ժալ Էլ Տիպի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց 20 վայրկեան տեւողութեամբ ժողով մը: Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքէն ետք (օգոստոս), առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահը` Փիեռ Քախիան, մասնակցեցաւ այս ժողովին: Ժողովին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ֆետերասիոնին երրորդ փոխնախագահը` Ռամի Ֆաուազ: Բացակայողներուն կարգին եղան Աքրամ Հալապի (բացակայ` օրինական ձեւով), ինչպէս նաեւ հրաժարեալ անդամներ Թամմամ Ժարուտին եւ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նըժմէ Եւ Թրիփոլի Ունեցան Իրենց Նոր Մարզիչները

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերող երկու խումբեր` Նըժմէ եւ Թրիփոլի, ունեցան իրենց մարզիչները: Իր գումարած ժողովէն ետք, Նըժմէի վարչութեան կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ գերմանացի Թէօ Պուքըր նշանակուեցաւ խումբի նոր մարզիչ: Պուքըր նախապէս ալ երկուքուկէս տարեշրջան եղած է խումբին մարզիչը: Իր կարգին, Թրիփոլի ունեցաւ իր նոր մարզիչը: Հիւսիսային Լիբանանի կազմը յայտարարեց, որ Ահտի նախկին...

Հիշամ Ժարուտի Այսօր Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Ռիատի Պէյրութի ակումբին նախագահ Հիշամ Ժարուտի, այսօր` չորեքշաբթի, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը: Ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ Մանարայի մէջ գտնուող Ռիատիի ակումբին մէջ: Նախապէս քանի մը առիթներով ան ուզեց հրաժարականը տալ, սակայն մի՛շտ ալ երկմտանքի մէջ ըլլալով հրաժարեցաւ այդ քայլէն: Ըստ լիբանանեան մարզական մամուլին, կը կարծուի, թէ այս անգամ...

Արարատ Մոսկուա Կը Քննարկէ Հայաստանի Մէջ Հանդէս Գալու Տարբերակը

Ռուսական մամուլին համաձայն, Արարատ Մոսկուա ֆութպոլի ակումբին ղեկավարութիւնը կը քննարկէ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ հանդէս գալու տարբերակը: Կը նշուի, որ նկատի ունենալով իր տրամադրութեան տակ գտնուող պիւտճէն, Արարատ Մոսկուա Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութեան ընթացքին չի կրնար նուաճումներու հասնիլ, մինչ Հայաստանի մէջ կրնայ ախոյեան հանդիսանալ: Ներկայիս Արարատ Մոսկուա Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան կեդրոնական գօտիին մէջ կը գրաւէ առաջին դիրքը`...

Լիոնել Մեսսի Ստացաւ «Լա Լիկա»-ի Լաւագոյն Ֆութպոլիստի Եւ Ռմբարկուի Մրցանակները

Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի արժանացաւ Ռէալ Մատրիտի անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Ալֆրետօ Տի Շթեֆանոյի անուան մրցանակին, որ «Մարքա»-ի ընթերցողներուն քուէարկութեամբ կը ստանայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուած մարզիկը: Իւրաքանչիւր շաբաթ ընթերցողները կ՛առաջադրեն թեկնածուներ, որոնցմէ լաւագոյնները կը հասնին աւարտական հանգրուան: Ապա, ֆութպոլի մասնագէտները կ՛ընտրեն լաւագոյնը: Այսպիսով, արժանթինցի Մեսսի 5-րդ անգամ ըլլալով (մրցանիշ մը) կը տիրանայ այս տիտղոսին: Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի յառաջապահ...

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթցի Յաջորդական 14-րդ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն Հիուսթըն Ռոքեթց, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Եութա Ճեզը, արձանագրեց իր յաջորդական 14-րդ յաղթանակը` 120-99 արդիւնքով: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Էրիք Կորտըն նշանակեց 33 կէտ, իսկ անոր խմբակից Ճէյմզ Հարտեն` 26 կէտ: Լոս Անճելըսի մէջ Լէյքըրզ, երկարաձգումէն ետք միայն, պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն: Գործող ախոյեանը` Ուորիըրզի...

Մխիթարեան` Դարձեա՛լ Աշխարհի Լաւագոյն 100 Ֆութպոլիստներուն Ցանկին Մէջ

Անգլիական «Տը Կարտիըն»-ը սկսաւ հրապարակել 2017-ի աշխարհի 100 լաւագոյն ֆութպոլիստներուն դասաւորման պատկերը` ներկայացնելով 71-էն 100 դիրքերը գրաւած ֆութպոլիստները: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան յայտնուեցաւ 92-րդ դիրքին վրայ: Այս քուէարկութեան կը մասնակցին գործող եւ նախկին ֆութպոլիստներ, մարզիչներ, ֆութպոլի մասնագէտներ եւ լրագրողներ` 63 երկիրներէ: Նշենք, որ նախորդ տարի 28 տարեկան Մխիթարեան գրաւած էր 57-րդ դիրքը:

Աթլեթիքօ Մատրիտ Պիտի Բողոքէ Պարսելոնային Դէմ

Տէյլի մէյլ կը յայտնէ, որ Աթլեթիքօ Մատրիտ բողոք պիտի ներկայացնէ աշխարհի ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնին («ՖԻՖԱ»-ին): Մատրիտեան ակումբին դժգոհութեան պատճառը քաթալոնիական ակումբին կատարած բանակցութիւններն են ֆրանսացի իր յառաջապահին` Անթուան Կրիզմանին հետ: Աթլեթիքօ կը կարծէ, թէ Պարսելոնա կը փորձէ ապակայունացնել վիճակը ախոյեանութեան համար պայքար մղող իր մրցակից խումբին մէջ: Սպանական մամուլին համաձայն, Պարսելոնայի նախագահը` Եոսիփ Մարիա Փարթոմէու, Պարսելոնայի ճաշարաններէն մէկուն մէջ ճաշած...

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու.  Այնճար Ամիթի Գրաւեց Երկրորդ Դիրքը` Տիրանալով 29 Մետալի

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Այնճար Ամիթի Գրաւեց Երկրորդ Դիրքը` Տիրանալով 29 Մետալի

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Պուտտա Ատմա ակումբին մէջ տեղի ունեցան Ս. Ծննդեան Թաու Լուի մրցումները` մասնակցութեամբ հետեւեալ ակումբներուն. Անթունիէ Պաապտա, Պել Հորիզոն, Սանթրալ Ժունիէ, Սքուեր Ֆիթ Քլապ, Այնճար Ամիթի եւ Լուէյզի: Տիրանալով 29 մետալի եւ ապահովելով 133 կէտ` Այնճար Ամիթի գրաւեց 2-րդ դիրքը: Առաջին հանդիսացաւ Անթունիէ Պաապտա (203 կէտ), իսկ երրորդ` Սքուեր Ֆիթ (128 կէտ): Ստորեւ`...

Հենրիխ Մխիթարեան Համաձայն` Ինթեր Միլանին Միանալու

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան համաձայն գտնուած է միանալու Ինթեր Միլանին, կը յայտնէ իտալական մամուլը: Ըստ «Ֆութպոլ-Իտալիա» օրաթերթին, իտալական ակումբը Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետի գործակալ Մինօ Ռայոլայի հետ կը քննարկէ այս հարցը: Վերջին 9 մրցումներէն միայն մէկուն, այդ ալ` իբրեւ փոխարինող մարզիկ, Մխիթարեան նկատի առնուեցաւ Եունայթըտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի կողմէ: Իտալական այլ օրաթերթ մը` «Քորիերէ Տելլօ Սփորթ» կը...

Ճատրակ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Զաւէն Անդրէասեանի Արձանագրած Արդիւնքները Լեհաստանի Մէջ

Հայաստանը ներկայացնող Զաւէն Անդրէասեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի արագ եւ կայծակնային ճատրակի ախոյեանութիւններուն: Արագ ճատրակի ախոյեանութեան, Անդրէասեան 1181 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 12-րդ դիրքը` առաւելագոյն 11 կէտէն ապահովելով 9 կէտ, ինչ որ կարելի է նկատել բացառիկ արդիւնք: Իսկ կայծակնային ախոյեանութեան, հայրենի կրանտմասթըրը առաւելագոյն 22 կէտէն ապահովելով 16 կէտ, 1091 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 14-րդ դիրքը:

«Էն. Պի. Էյ.». Քաւալիրզ Դարձեալ Յաղթեց

Լեպրոն Ճէյմսի Յաջորդական Երրորդ Թրիփըլ-Տապըլը «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան չորս ճակատումներ: Նախորդ տարեշրջանի փոխախոյեան` Քլիվլենտ Քաւալիրզ վերջին 19 մրցումներուն ընթացքին արձանագրեց իր 18-րդ յաղթանակը` 106-99 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի դաշտէն: Լեպրոն Ճէյմս Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրոն Ճէյմս, յաջորդաբար երրորդ մրցումն ըլլալով (վերջին հինգ մրցումներուն` չորրորդ անգամ ըլլալով) իրագործեց թրիփըլ-տապըլ մը (20 կէտ, 12 ռիպաունտ...

Ըմբշամարտ. Մաքսիմ Մանուկեան Եւ Կարէն Ասլանեան` Աշխարհի Ակմբային Փոխախոյեաններ

Իրանի մէջ տեղի ունեցած յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար ըմբիշներ, աշխարհի ախոյեան Մաքսիմ Մանուկեան եւ Կարէն Ասլանեան, իրանական Սինա Սանաթ Իզեհ խումբին հետ դարձան փոխախոյեան: Անոնց ներկայացուցած խումբը աւարտականին 8-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իրանական Պիմէյ Ռազիի խումբէն: Հայաստանը ներկայացուց Տինամօ խումբը, որ գրաւեց դասաւորման 7-րդ դիրքը:

Քաքա Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Ամերիկեան Օրլանտօ Սիթիի պրազիլցի միջնապահ Քաքա պաշտօնապէս յայտարարեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը լքելուն մասին: 35 տարեկան Քաքա իր այս յայտարարութիւնը կատարեց պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին: 2007-ին «Ոսկիէ գնդակ»-ի տիտղոսին տիրացած Քաքա 2014-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու «Մէյճըր լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ: Ան ելոյթ ունեցած է նաեւ պրազիլական Սան Փաուլոյի, իտալական Ա. Սէ. Միլանի եւ սպանական Ռէալ Մատրիտի հետ:...

Արժանթինեան Ակումբ Մը Մէկ Տարիով Կախակայուեցաւ Եւ Փոխադրուեցաւ 5-րդ Դասակարգ

Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը 4-րդ դասակարգի խումբերէն Խուվենթուտ տէ Պերկամինոն մէկ տարիով կախակայեց ֆութպոլի բոլոր տեսակի մրցումներուն մասնակցելէ եւ խումբը փոխադրեց 5-րդ դասակարգ, ուր ան 2019-ին պիտի սկսի իր ելոյթներուն: Պատճա՞ռը: Որովհետեւ խումբին համակիրները Ինտիփենտիենթէ տէ Չիվիլքայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին յարձակած էին իրաւարարներուն վրայ եւ զանոնք ենթարկած դաժան ծեծի, քանի որ կեդրոնի իրաւարարը իրենց մէկ մարզիկին տուած էր կարմիր քարտ:

Page 892 of 1278 1 … 891 892 893 … 1,278

Արխիւներ