Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պայէրն Միւնիխ – Պորուսիա Տորթմունտ ճակատումը աւարտեցաւ տիտղոսակիրին` Տորթմունտի պարտութեամբ, որ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:

Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Գերմանիոյ ախոյեանը ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Ժըրոմ Պոաթենկ (12-րդ) եւ Թոմաս Միւլըր (40-րդ): Տորթմունտի միակ կոլը նշանակեց Անտրիյ Եարմոլենքօ (77-րդ):
Եուփ Հայնքեսի իբրեւ մարզիչ նշանակումէն ետք, Պայէրն իր կատարած վերջին տասը մրցումներէն 9-ին յաղթանակ արձանագրած է («Պունտըսլիկա»-ին գծով), ինչպէս նաեւ յաղթական դուրս եկած է «Չեմփիընզ լիկ»-ի չորս եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի երկու ճակատումներուն:
Այս Պայէրն «Պունտըսլիկա»-ի մնացեալ խումբերուն նման պիտի սկսի ձմեռնային երեք շաբթուան արձակուրդին: