Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակակիր Մանչեսթըր Եունայթըտ չյաջողեցաւ ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը, երբ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պրիսթոլ Սիթիէն, որ մաս կը կազմէ Գ. դասակարգին:
Էշթըն Կէյթի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, հիւրընկալ կազմին յաղթանակի կոլը մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (93-րդ) նշանակեց Քորի Սմիթ, որ այսպիսով դարձաւ իր կազմին հերոսը:
Մրցումին հաշիւը բացաւ Պրաժըն, որմէ ետք Զլաթան Իպրահիմովիչ նշանակեց Եունայթըտի հաւասարութեան կոլը:
Մրցումին 69-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան` փոխարինելով Իպրահիմովիչը:
Կիսաւարտականին, Պրիսթոլ Սիթի պիտի այցելէ (երթ) Մանչեսթըր Սիթիի դաշտ, մինչ դարձի մրցումը պիտի կատարէ իր դաշտին վրայ:
Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, լոնտոնեան տերպիին իրարու դէմ պիտի մրցին Չելսի եւ Արսենալ:
Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 8 յունուարին, իսկ դարձի մրցումները` 22 յունուարին:
Մանչեսթըր Սիթի մրցաշարքէն դուրս ձգեց Լայսթըր Սիթին, Չելսի` Պուրնըմաութը, իսկ Արսենալ` Ուեսթ Համը: