«Սփորթց. նիուզ. ամ» հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ ֆրանսահայ մարզիկ Արա Խաչատուրեան 103 օրուան իր վազքով ֆրանսական Մարսէյ քաղաքը եւ Երեւանը իրարու պիտի միացնէ:
Այս վազքին նպատակն է տարածել խաղաղութեան եւ եղբայրութեան ուղերձը, կը յայտնէ Հայաստանի մէջ ֆրանսական դեսպանատունը` մէջբերելով Մարսէյի քաղաքապետութեան հրապարակած մէկ լուրը, որ կ՛անդրադառնայ այդ վազքին մեկնարկին:



