Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն շրջանակներուն մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Ռիատի եւ Պէյրութ, որոնք իրենց կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրած էին, երէկ արձանագրեցին երկրորդը` իրենց դաշտերէն դուրս:
Ռիատի յաղթեց Անթունիէին (112-71), իսկ Պէյրութ` Մութթահետին (78-71):
Այսպիսով, Ռիատի եւ Պէյրութ, որոնք 2-0 արդիւնքով կը գերազանցեն իրենց մրցակիցները, իրենց երրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային պիտի ապահովեն ֆայնըլ-ֆորի իրենց տոմսը: