Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ 2018 տարուան «քար-տրիֆթ»-ի առաջին հանգրուանի մրցումը, «Ուարտէ» վազքուղիին վրայ (Քֆարզըպիան):
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 41 ինքնաշարժներ:
Իբրեւ ցուցադրական մրցում ճանչցուած այս մրցումին, մասնակցող վարորդները տուին իրենց առաւելագոյնը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հանդիսատեսներու, որոնք մօտէն հետաքրքրուած են այս բնագաւառով:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ տրուեցան յուշանուէրներ` շրջանի քաղաքապետութեան եւ հովանաւորող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն: