Հայկական մարզական կայքերը կը հաղորդեն, որ 13-15 ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի քոնկ ֆուի բաց ախոյեանութիւնը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ մայրաքաղաքի հիմնադրութեան 2800-ամեակին:
Միքա մարզահամալիրին մէջ իրարու դէմ պիտի ճակատին Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Իտալիայէն, Ֆրանսայէն, Վրաստանէն, Իրանէն, Չինաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ անշուշտ Հայաստանէն ժամանած բազմաթիւ մարզիկներ:
Այս ախոյեանութիւնը կազմակերպեց Հայաստանի քոնկ ֆուի ֆետերասիոնը: