Երէկ` երկուշաբթի, 9 ապրիլին, Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը մեկնեցաւ Ամման (Յորդանան)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար ՖԻՊԱ-Ասիա ախոյեանութեան մրցաշարքին:
Մրցումները կը սկսին այսօր, եւ ՀՄԸՄ-ի առաջին մրցակիցը կ՛ըլլայ Ապատան:
ՀՄԸՄ իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ հինգշաբթի, 12 ապրիլին, Օրթոտոքսիի դէմ:
Մրցաշարքին կը մասնակցի նաեւ լիբանանեան այլ խումբ մը` Ռիատի:



