Լիբանանի Քոնկ Ֆու-Ուու Շուի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախարար Ֆընէյշի
Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի քոնկ ֆու-ուու շուի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախագահ Ժորժ Նասիրի: Պատուիրակութիւնը նախարարը հրաւիրեց ֆետերասիոնին տարեկան ընթրիքին, որ տեղի պիտի ունենայ 21 ապրիլին Ժունիէի շրջանին մէջ: Հանդիպումին աւարտին պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին` ֆետերասիոնին գործունէութիւններուն մնայուն կերպով օժանդակելուն համար:






