Նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի նախկին Միքա մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Քարաթէի ախոյեանութեան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ նուիրուած է Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակին:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 28 երկիրներէ շուրջ 700 մարզիկներ: