Իտալացի անուանի ֆութպոլի մասնագէտ Ֆապիօ Քափելլօ, պաշտօնապէս յայտարարեց մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելու մասին:
71 տարեկան մարզիչը նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ եղաւ Զեանկսու Սուն (Չինաստան) ակումբին կողմէ, որուն մարզիչն էր 2017-ի կէսէն ի վեր:
Ան եղած է մարզիչը բազմաթիւ խումբերու, որոնց կարգին` Ա. Սէ. Միլան, Ա. Էս. Ռոմա, Եուվենթուս, Ռէալ Մատրիտ, ինչպէս նաեւ` Անգլիոյ եւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբերը: