Նախորդ շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ բաւական հետաքրքրական եղաւ մատրիտեան քաղաքի տերպիի մրցումը` Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ:
«Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումը, որ աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ, եղաւ ամբողջութեամբ ի նպաստ Պարսելոնայի, որ 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Լեկանեսի, ունեցաւ 11 կէտի առաւելութիւն մը իր անմիջական մրցակիցին` Աթլեթիքօ Մատրիտի վրայ:
Լիոնել Մեսսի իրագործեց հեթրիք մը:
Ան այսպիսով հաւասարեցաւ ակումբի նախկին պրազիլցի մարզիկ Ռոնալտինիոյին, որ 2006-2007 տարեշրջանին իր 6 կոլերը նշանակած էր փենալթիով:
Ասկէ բացի, Պարսելոնա կրկնեց Ռէալ Սոսիետատի 1980-ին հաստատած մրցանիշը` 38 մրցումի ընթացքին չպարտուելով (31 յաղթանակ, 7 հաւասարութիւն): Սոսիետատ արձանագրած էր 21 յաղթանակ եւ 17 հաւասարութիւն:
Ինչ կը վերաբերի մատրիտեան տերպիին, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նշանակեց Ռէալի կոլը, իսկ Անթուան Կրիզման` Աթլեթիքոյի հաւասարութեան կոլը:
Այսպիսով, Ռոնալտօ յաջողեցաւ յաջորդաբար 8-րդ տարին ըլլալով նշանակել աւելի քան 40 կոլ` տարեշրջանի մը ընթացքին:
Ասկէ բացի, Ռոնալտօ յաջողեցաւ նշանակել իր 650-րդ կոլը:



