Նախորդ շաբաթավերջին, Մարոքի մէջ տեղի ունեցած արաբական նշանառութեան ախոյեանութեան, Լիբանանի ներկայացուցիչ Ալեն Մուսա կարեւոր նուաճում մը ձեռք ձգեց, երբ տիրացաւ ոսկի մետալին:
Ան 50 հարուածներէն 43-ը հասցուց իրենց նպատակին:
Այսպիսով, ան յաջողեցաւ գերազանցել Քուէյթի հանրածանօթ նշանառու Թալալ Ռաշիտին, որ 50 հարուածներէն 40-ը հասցուց իրենց նպատակին:
Անոր կատարած այս իրագործումին ի տես, Լիբանանի նշանառութեան ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Ժալըխ շնորհաւորեց Մուսան: