Երէկ` հինգշաբթի, 5 ապրիլին սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի ճակատումները երկու հանդիպումով:
ՀՄԸՄ, որ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Լուէյզին, բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց` 97-77 արդիւնքով (34-17, 19-16, 30-22, 14-22):
ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Ճօ Մուժահես առաջին քորթըրին դաշտ ներկայացուց իր հիմնական կազմը: Սակայն երբ ի յայտ եկաւ, որ մրցումը կէտերու շատ մեծ տարբերութեամբ պիտի աւարտի, նախընտրեց դաշտին վրայ երկրորդ քորթըրէն սկսեալ բաւական փոփոխութիւններ կատարել, մանաւանդ օտարներու իմաստով:
Ճիշդ որոշում մը, մանաւանդ որ Լուէյզի կը մրցէր միայն մէկ օտարականով:
ՀՄԸՄ-ի օտարները դաշտ ներկայացան միայն 20-ական վայրկեան: Այդ իսկ պատճառով, անոնց նշանակած կէտերը եղան համեմատաբար աւելի քիչ:
Առիթով մը, ՀՄԸՄ նոյնիսկ ունեցաւ 30 կէտի առաւելութիւն մը (85-55):
ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Հայկ Կէօքճեան (18 կէտ, 10 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան նշանակեց 5 կէտ, 5 էսիսթ, 3 սթիլ, իսկ Վարանդ Քելեճեան 4 կէտ:
Օրուան իրաւարարներն էին` Ռապահ Նըժէյմ, Ատել Խուէյրի, Սերճիօ Քասսապ:
Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 8 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Լուէյզիի դաշտին վրայ:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան երկրորդ մրցումին, Սաժես իր դաշտին վրայ, իր կարգին 20 կէտի տարբերութեամբ` 106-86 արդիւնքով յաղթեց Շանվիլի (29-20, 27-27, 21-24, 29-15):
Սաժեսէն Տուայն Ճեքսըն թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (27 կէտ, 11 ռիպաունտ, 10 էսիսթ): Իսկ Շանվիլի նորեկը` Ժերեմի Փարկօ, նշանակեց 26 կէտ, 4 ռիպաունտ, 9 էսիսթ:
Անոնց միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 8 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Տիք Մըհտիի մէջ:



