Նախորդ շաբաթավերջին Լուէյզի համալսարանը իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Լիբանան – Հոնկ Քոնկ թենիսի «Տէյվիս-Քափ»-ի մրցումները, որոնք կ՛իյնան Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասի մրցումներուն ծիրին մէջ:

Լիբանան 3-1 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի Թայլանտի դէմ (յառաջիկայ սեպտեմբերին):
Հոնկ Քոնկի դէմ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ եղան մեծ թիւով լիբանանցի համակիրներ, որոնք եկան քաջալերելու իրենց մարզիկները: Աւարտին անոնք այս յաղթանակը տօնեցին մեծ խանդավառութեամբ:
Այս առիթով խօսք առնելով Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ շնորհաւորեց ամբողջ Լիբանանը` յոյս յայտնելով, որ յաղթանակը կը կերտուի նաեւ Թայլանտի դէմ աւարտական մրցումին ալ: