Լոնտոնեան Արսենալի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, վնասուածքի պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Մոսկուայի Բանակայիններուն դէմ տեղի ունենալիք Եւրոպայի լիկայի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումին, որ պիտի կատարուի վաղը` հինգշաբթի, 12 ապրիլին, Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը` մէջբերելով մարզիչ Արսէն Վենկերի խօսքերը:
Նշուեցաւ նաեւ, որ հայրենի ֆութպոլիստը պատրաստ պիտի չըլլայ նաեւ Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի ախոյեանութեան յաջորդ երկու հանգրուանի` Նիւքասըլի (15 ապրիլ) եւ Ուեսթ Համի (22 ապրիլ) դէմ կատարուելիք մրցումներուն:
Մխիթարեան վիրաւորուեցաւ Մոսկուայի Բանակայիններուն դէմ տեղի ունեցած երթի մրցումին, որ աւարտեցաւ Արսենալի յաղթանակով (4-1):