2018-ի մոնտիալի ազդանշանին տրուելէն 2 ամիս առաջ, Ճափոնի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի պոսնիացի մարզիչ Վահիտ Հալիլովիչը:
Թէեւ Հալիլովիչ յաջողեցաւ Ճափոնի համար 2018-ի մոնտիալի տոմս մը ապահովել, բայց ֆետերասիոնը դժգոհ է բարեկամական մրցումներուն ընթացքին արձանագրուած արդիւնքներէն:
2018-ի մոնտիալին Ը. խմբակին մաս կազմող Ճափոն իրեն մրցակից պիտի ունենայ Լեհաստանը, Սենեկալը եւ Քոլոմպիան: