Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Գետը Չտեսած Բոպիկցան…

April 10, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը այս տարեշրջանին ի վերջոյ պիտի նուաճէ Մանչեսթըր Սիթին, պարզապէս որովհետեւ խաղային մակարդակով մնացեալներէն քանի մը գլուխ բարձր է, աւելի շատ կոլեր նշանակած է եւ աւելի նուազ կոլեր ստացած է:

Դժուար թէ վիճելի ըլլայ ասիկա:

Բայց նոյնպէս կայ երեւոյթ մը, որ մնացեալ խումբերուն հանդէպ փափկանկատութեան հարց է եւ յոխորտանք կոչուած փորձութիւնը, որմէ  զերծ մնալը աւելի մեծ առաքինութիւն է (թէեւ ներկայիս այս «առաքինութիւն» բառը  շատ ժամանակավրէպ կը հնչէ չէ՞):

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցաշարքի վերջին մրցումներէն Մանչեսթըր քաղաքի տերպին  (Սիթի Եունայթըտ մրցումը), շաբթուան գագաթի ճակատումն էր` նկատի ունենալով, որ Սիթի կը գրաւէ առաջին դիրքը, եւ յաղթանակի պարագային կանուխ կրնար նուաճել ախոյեանի տիտղոսը, որովհետեւ  կէտերու մեծ առաւելութիւն ունէր երկրորդ դիրքը գրաւող Եունայթըտի վրայ:

Մրցումի նախօրեակին Մանչեսթըր Սիթիի մարզիկներ յոխորտացին, որ ախոյեանութիւնը մեծ հաճոյքով  պիտի նուաճեն Մանչեսթըր Եունայթըտին յաղթելով:

Սիթիի մարզիչը` Կարտիոլա, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին իր կարգին յոխորտաց յաղթանակի մասին: Աւելի՛ն` միտքեր պղտորելու խաղեր խաղաց` յայտնելով, որ չի գիտեր, թէ Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ Մորինիօ տաղանդաւո՞ր է, թէ՞ ոչ, «բայց մարզիչ մը պէտք է իր մարզիկները պաշտպանէ, որովհետեւ յունուարի փոխանցումներու շրջանին Մանչեսթըր Սիթիի առաջարկուեցաւ Եունայթըտի ֆրանսացի միջնապահ Փոլ Փոկպան եւ Հենրիխ Մխիթարեանը», ըսաւ Կարտիոլա:

Անշուշտ ըսածին վաւերականութիւնը հաստատող փաստեր չկան, մանաւանդ անտրամաբանական է, որ խումբ մը իր ոխերիմ մրցակիցին փոխանցէ լաւ մարզիկներ: Ատիկա այլ հարց է: Բայց Կարտիոլա ինչո՞ւ  երեք ամսուան հնութիւն ունեցող այս «բացայայտումը» ճակատագրական մրցումէն օր մը առաջ ըրաւ, անշուշտ բացատրութեան չի կարօտիր: Ի դէպ զայն ծաղրելու համար Փոկպա մրցումի ներկայացած էր մազը կապոյտ (Սիթիի տարազին գոյնը) ներկած եւ չար բախտէն… երկու կոլ նշանակեց… պարզապէս:

Ուրեմն Մանչեսթըր Սիթիի պատասխանատուները, մարզիկները, համակիրները, նոյնպէս լրագրողներ եւ հաղորդավարներ մեծ պատրաստութիւն տեսած էին ախոյեանի տիտղոսի նուաճումը հանդիսաւոր շուքով տօնելու (իրենց իրաւունքն էր)` ներկայութեամբ Եունայթըտի մարզիկներուն եւ համակիրներուն, զանոնք խամաճիկներու վերածելով:

Երբ Մանչեսթըր Սիթի առաջին կիսախաղին երկու կոլեր նշանակեց, տօնակատարութիւնը դաշտին մէջ եւ ընկերային ցանցերու վրայ արդէն իսկ բոցավառեցաւ:

Եթէ հասկնալի են Սիթիի համակիրներու ուրախութիւնն ու զեղումները ընկերային ցանցերուն մէջ, քիչ մը անհասկնալի մնաց Մանչեսթըր Եունայթըտի հայ համակիրներուն երջանկութիւնը Սիթիի երկրորդ կոլէն ետք, որ նշանակեց թուրք Կիւնտողան…:

Առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ ի նպաստ Սիթիի, որ ապահոված էր ախոյեանութիւնը հարիւրէն  յիսուն` տեսականօրէն, իսկ անտեսանելիօրէն` (շատերու  վառ երեւակայութեան մէջ) հարիւրէն հարիւր:

«Ախոյեանները» այս ըմբռնումով երկրորդ կիսախաղին դաշտ ներկայացան տիտղոսը իրենց գրպանը:

Սակայն պատահեցաւ այն, որ այսպիսի պարագաներու հեքիաթներու մէջ կը պատահի:

Մանչեսթըր Եունայթըտ երեք կոլեր նշանակեց:

Սիթիի մարզիչը` Կարտիոլա, վերջին 20 վայրկեաններուն փորձեց կացութիւնը փրկել դաշտ իջեցնելով «ծանր զէնքերը»` Ակուերօ, Տը Պրիւն եւ  Ճիզըս:

Մանչեսթըր Սիթիի մարզիկները ամէն ջանք ի գործ դրին գոնէ հաւասարութեան կոլը նշանակելու համար, բայց արդէն ուշ էր, գետը մշուշ  էր, եւ իրենք` բոպիկ:

 

 

Նախորդը

Ոգեկոչելու Համար Ապրիլեան Եղեռնի Նահատակներուն Յիշատակը. Պասքեթպոլի Բարեկամական Մրցում` ՀՄԸՄ-ի Եւ Անդրանիկի Վեթերաններուն Միջեւ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (10 Ապրիլ 2018)

RelatedPosts

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը
Մարզական

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը

October 31, 2026
Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ

October 31, 2026
2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…
Մարզական

2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.