Նախորդ շաբաթավերջին Չինաստանի մէջ աւարտեցաւ Ասիոյ 16 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը:
Լիբանանի ազգային խումբը, որ իր կատարած վերջին մրցումին 95-83 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Իրանէն, գրաւեց 8-րդ դիրքը:
Լիբանան, որ քառորդ աւարտականի իր տոմսը ապահոված էր` յաղթելէ ետք Թայփէին, չկրցաւ հասնիլ կիսաւարտականին` 80-71 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Չինաստանէն: