Մարզական

Անգլիոյ Ոստիկանութիւնը Թիկնապահներ Տրամադրեց Իրաւարար Մայքըլ Օլիվըրին

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Անգլիոյ ոստիկանութիւնը յատուկ թիկնապահներ տրամադրած է Ռէալ Մատրիտ - Եուվենթուս մրցումի («Չեմփիընզ լիկ») կեդրոնի գլխաւոր իրաւարար Մայքըլ Օլիվըրին: Վերոնշեալ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն, ի նպաստ Ռէալ Մատրիտին փենալթի մը սուլած Մայքըլ Օլիվըրը եւ անոր կինը մահուան սպառնալիքներ կը ստանան անծանօթ անձերէ, որոնք շատ հաւանաբար ըլլան իտալացիներ` նկատի ունենալով, որ նշանակուած այդ փենալթիին պատճառով իտալական կազմը...

«Էն. Պի. Էյ.» – Փլէյ-Օֆ. Ուորիըրզ Եւ Հիթ` Յաղթական

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրընկալեց Սան Անթոնիօ Սփըրզը, 15 կէտի առաւելութեամբ` 116-101 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց եւ այժմ կը յառաջանայ 2-0 արդիւնքով: Քեւին Տիւրանթ Ուորիըրզէն Քեւին Տիւրանթ նշանակեց 32 կէտ, մինչ Սփըրզէն Լամարքուս Ալտրիճ` 34 կէտ: Երէկուան երկրորդ մրցումին, Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ իր դաշտին վրայ 113-103 արդիւնքով պարտուեցաւ Մայեմի Հիթէն: Տուայն...

Արթուրօ Վիտալի Համար Տարեշրջանը Աւարտեցաւ

Պայէրն Միւնիխի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբի չիլիցի միջնապահ Արթուրօ Վիտալի համար 2017-2018 տարեշրջանը կը նկատուի աւարտած: Չիլիցի ֆութպոլիստը, որ փորձերու ընթացքին վիրաւորուեցաւ, երէկ ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան: Անոր բացակայութիւնը` Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն («Չեմփիընզ լիկ»), կրնայ ըլլալ զգալի:  

«Ինթըրնեշընըլ Չեմփիընզ Քափ-2018». Մրցաշարքին Մասնակցող Խումբերը Յստակացան

Այս ամրան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի միջազգային մրցաշարք մը «Ինթըրնեշընըլ Չեմփիընզ Քափ-2018» անունին տակ, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 17 ակումբներ Անգլիայէն, Սպանիայէն, Իտալիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն եւ Փորթուգալէն: Այդ ակումբները պիտի ըլլան Ռէալ Մատրիտ, Թոթենհամ, Եուվենթուս, Ա. Սէ. Միլան, Մանչեսթըր Սիթի,  Լիվըրփուլ, Մանչեսթըր Եունայթըտ, Պայէրն Միւնիխ, Չելսի, Փարիզ Սեն Ժերմեն, Արսենալ, Սեւիլլա, Ա. Էս. Ռոմա, Ինթեր Միլան, Պորուսիա Տորթմունտ,...

Սերճիօ Ակուերօ Ենթարկուեցաւ Վիրաբուժութեան

Մանչեսթըր Սիթիի մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ երէկ ենթարկուեցաւ ծունկի վիրաբուժութեան: Անոր ապաքինման համար կը պահանջուի քանի մը շաբաթ, ինչ որ կը նշանակէ, որ ան այս տարեշրջանին պիտի չտեսնուի ֆութպոլի դաշտերուն վրայ: Ակուերօ վիրաւորուեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ տեղի ունեցած մրցումին: Ան այս տարեշրջանին «Փրեմիեր-լիկ»-ի 25 մրցումի մասնակցելով նշանակեց 21 կոլ եւ կատարեց 6 էսիսթ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Հրապարակուեցաւ Ֆայնըլ-Ֆորի Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հրապարակուեցաւ Ֆայնըլ-Ֆորի Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ գիշեր հրապարակեց, տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն յայտագիրը: Մրցումները կը սկսին շաբաթ, 21 ապրիլին, երբ երեկոյեան ժամը 17:20-ին, ՀՄԸՄ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Սաժեսը: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը. ՇԱԲԱԹ, 21 ԱՊՐԻԼ ԺԱՄ ԴԱՇՏ ՀՄԸՄ - Սաժես 17:20 Աղբալեան ԿԻՐԱԿԻ, 22 ԱՊՐԻԼ     Ռիատի - Պէյրութ 17:20...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Բաժակի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը, Ուր Կը Մրցի Ռիատի – Պէյրութ Յաղթականին Դէմ

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք) տեղի ունեցաւ կիսաւարտականի առաջին մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ յանդիման եկան ՀՄԸՄ եւ Անթունիէ: Երէկուան մրցումէնPROFOTO Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 108-66 արդիւնքով (32-15, 57-35, 85-40, 108-66): Մրցումին տեւողութեան, ՀՄԸՄ նոյնիսկ ունեցաւ 52 կէտի տարբերութիւն մը (102-50): ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Ճօ Մուժահես դարձեալ իր օտար մարզիկներուն աւելի քիչ...

Փինկ Փոնկ. Բ. Դասակարգի Նահանգներու Ախոյեանութիւնը Աւարտեցաւ

Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած լուրի մը մէջ նշուեցաւ, որ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Լիբանանի Բ. դասակարգի տղոց նահանգներու ախոյեանութիւնը, եւ յստակացան այն խումբերը, որոնք ապահովեցին աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իրենց տոմսերը: Անոնք հետեւեալներն են. Ահտ (Պէյրութ), Շարթիէ Տար Նուր Տահըր Այն (հիւսիս), Շապապ Հաուշ Ումարա - Զահլէ (Պեքաա), Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա, Ժամհուր, Շիահ (Լեռնալիբանան), Սարաֆանտ (հարաւ) եւ Ահլի Խիամ (Նապաթիէ):...

Մինի-Ֆութպոլ. Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարքը Տեղի Ունեցաւ Բաւական Տպաւորիչ Մթնոլորտի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մինի-ֆութպոլի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին բաւական տպաւորիչ մթնոլորտի մէջ սկսաւ Լիբանանի մինի-ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքը` Քֆարշիմայի «Փրօ-ֆութպոլ»-ի դաշտերուն վրայ: Ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ մրցումները կատարուեցան մեծ խանդավառութեամբ` նկատի ունենալով, որ թէ՛ կազմակերպական իմաստով եւ թէ՛ ալ համակիրներու թիւին իմաստով, անիկա եղաւ բացառիկ, մինչ իրաւարարները իրենց կարգին եղան գրեթէ անսխալ: Քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը ապահովեցին Աթլեթիքօ Ժպէյլ Մաժտ Մէյս Ժապալ,...

«Էն. Պի. Էյ.» – «Փլէյ-Օֆ». Լեպրոն Ճէյմսի Թրիփըլ-Տապըլը, Բայց` Քաւալիրզի Առաջին Պարտութիւնը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն երկրորդ օրը, երէկ կատարուեցան չորս ճակատումներ: Ճէյմս Հարտեն Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ հիւրընկալեց Ինտիանա Փէյսըրզը, կրեց իր առաջին պարտութիւնը` 98-80 արդիւնքով: Լեպրոն Ճէյմս (Քաւալիրզ) թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (24 կէտ, 10 ռիպաունտ, 12 էսիսթ): Հիուսթըն Ռոքեթց իր դաշտին վրայ 104-101 արդիւնքով յաղթեց Մինեսոթա Վուլվզին: Ռոքեթցի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Ճէյմս Հարտեն, որ նշանակեց 44 կէտ:...

Հայկական Ֆութպոլ. Դասաւորման Պատկերը` 23-րդ Հանգրուանէն Ետք

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի մրցումները: Գանձասար-Կապան 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շիրակի հետ, մինչ Բանանց 3-0 արդիւնքով յաղթեց Ալաշկերտին, իսկ Արարատ - Փիւնիկ մրցումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ: Ստորեւ` դասաւորման պատկերը.   Յ. Հ. Պ. ԿԷՏ 1.- Շիրակ 11 5 7 38 2.- Ալաշկերտ 11 4 8 37 3.- Բանանց 9 9 5 36...

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմեն Հռչակուեցաւ Ախոյեան

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 33-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Փարիզ Սեն Ժերմեն 7-1 արդիւնքով բաւական ծանր պարտութեան մատնելէ ետք իր անմիջական մրցակիցը` երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Մոնաքոն, հռչակուեցաւ Ֆրանսայի ախոյեան, եւ ատիկա` ախոյեանութեան աւարտէն հինգ հանգրուան առաջ: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, մայրաքաղաքի կազմը ունեցաւ 17 կէտի բաւական լայն առաւելութիւն մը: Նախորդ տարեշրջանի ախոյեանն էր նոյնինքն Մոնաքօ:

Սուսերամարտ. Արմէն Գրիգորեան. «Հայաստան Հասան Զօրաւոր Խումբեր` Իրենց Լաւագոյն Մարզիկներով»

Նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի սուսերամարտի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Եւրոպայի սուսերամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Սթանիսլաւ Փոցնիատսքու, Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Գաբրիէլ Ղազարեան, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ Դերենիկ Գաբրիէլեան եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներ: Լրագրողներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Հայաստանի սուսերամարտի նախագահ Արմէն Գրիգորեան ըսաւ, թէ այս ախոյեանութիւնը պիտի ընթանայ պայքարի բաւական...

Հոլանտական Ֆութպոլ. ՓՍՎ Այնտհովըն Ախոյեան` 24-րդ Անգամն Ըլլալով

Հոլանտայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի աւարտէն երեք հանգրուան առաջ, ՓՍՎ Այնտհովըն ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը, երբ 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն խումբը 3-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Այաքս Ամսթերտամին: Այժմ անիկա 10 կէտի առաւելութիւն մը ունի երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ամսթերտամի վրայ եւ այսպիսով ապահովեց տիտղոսը` իր պատմութեան մէջ 24-րդ անգամն ըլլալով: Վերջին անգամ խումբը տիտղոսին տիրացած էր 2015-2016 տարեշրջանին: 2016-2017 տարեշրջանին ախոյեանն...

Փորթօ Կ՛ուզէ Երկարաձգել Քասիասի Պայմանագրութիւնը

Սպանացի անուանի բերդապահ Իքեր Քասիաս շատ հաւանաբար Փորթուգալի մէջ շարունակէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը` նկատի ունենալով, որ անոր ակումբը` Փորթօ, կը մտադրէ անոր առաջարկել նոր պայմանագրութիւն մը: Ըստ սպանական մամուլին, Փորթօ անոր պիտի առաջարկէ նոր պայմանագրութիւն մը, սակայն աւելի քիչ աշխատավարձով: Այս տարեշրջանին ան Փորթոյի հետ կատարեց 27 մրցումներ, որոնցմէ 17-ին իր բերդը պահեց անառիկ:

«Չեմփիընզ Լիկ». Վիտալ Բացակայ` Ռէալ Մատրիտի Դէմ Կատարուելիք Երթի Մրցումէն

Պայէրն Միւնիխի չիլիցի միջնապահ Արթուրօ Վիտալ, որ երէկ իր կազմին կատարած փորձերը չկրցաւ շարունակել, պիտի բացակայի Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտականի երթի մրցումէն, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Երթի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 25 ապրիլին, Միւնիխի մէջ: Վիտալ Օկզպուրկի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ յատուկ բուժումի պիտի ենթարկուի, որմէ ետք կը յստականայ անոր ծունկին ստացած վնասուածքին տարողութիւնը: Ըստ այլ...

Պիւֆոն Շատ Հաւանաբար Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Շարունակէ Արժանթինի Մէջ

Արժանթինեան Պոքա Ժունիորզ ֆութպոլի ակումբը մտադիր է պայմանագրութիւն մը կնքել Եուվենթուսի 40 տարեկան բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոնի հետ, կը հաղորդէ իտալական մամուլը: Կը նշուի, որ այս տարեշրջանի աւարտին, երբ անոր պայմանագրութիւնը վերջ գտնէ Եուվէի հետ եւ ան դառնայ ազատ մարզիկ, այդ պարագային արժանթինեան կազմը իր շարքերուն պիտի միացնէ Պիւֆոնը: Կը կարծուի, որ անոր պիտի առաջարկուի, կէս տարուան պայմանագրութիւն մը, որովհետեւ Պոքա...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Լուէյզի 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Անդրանիկ Պէյրութը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Անթունիէ

Լիբանանի պասքեթպոլի  բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 16 ապրիլին ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը կիսաւարտականին գծով մրցում մը ունի կատարելիք Անթունիէի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք): ՀՄԸՄ-ի կազմին համար այս մրցումը կը նկատուի կարեւոր` նկատի ունենալով, որ յաղթանակը խումբը պիտի առաջնորդէ դէպի աւարտական հանգրուան` ճակատելու համար Պէյրութի դէմ: Վերջինս...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Սաժես Դուրս Ձգեց Շանվիլը, Իսկ Պէրյութ` Մութթահետը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Դուրս Ձգեց Շանվիլը, Իսկ Պէրյութ` Մութթահետը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Ֆայնըլ-էյթի մրցումները աւարտեցան երէկ յետմիջօրէին: Այս մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան վերջին երկու կազմերը, որոնք ապահովեցին ֆայնըլ-ֆորի իրենց տոմսերը: ՀՄԸՄ-ի եւ Ռիատիի եկան միանալու Սաժես եւ Պէյրութ, որոնք իրենց երրորդ յաղթանակը արձանագրելով գերազանցեցին իրենց մրցակիցները` յաջորդաբար Շանվիլը (3-2) եւ Մութթահետը (3-1): PROFOTO Իր մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան, Սաժես յաջողեցաւ տիրապետելով իր մրցակիցին` Շանվիլին, արձանագրել 98-75...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ահտ Ստանձնեց Լիբանանի Ախոյեանութեան Բաժակը

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի 58-րդ ախոյեանութիւնը երէկ հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան 22-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Ահտ, որ արդէն իսկ նախավերջին հանգրուանին հանդիսացած էր Լիբանանի ախոյեան, իր վերջին մրցումին 3- 1 արդիւնքով յաղթեց Նըժմէին: Այս մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Քամիլ Շամունի անուան մարզաւանին մէջ, կատարուեցաւ դռնփակ` առանց համակիրներու: Մրցումին աւարտին ախոյեան Ահտի մարզիկները ստանձնեցին ախոյեանութեան իրենց բաժակը: Կիրակի,...

Page 849 of 1278 1 … 848 849 850 … 1,278

Արխիւներ