Պայէրն Միւնիխի չիլիցի միջնապահ Արթուրօ Վիտալ, որ երէկ իր կազմին կատարած փորձերը չկրցաւ շարունակել, պիտի բացակայի Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտականի երթի մրցումէն, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Երթի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 25 ապրիլին, Միւնիխի մէջ:
Վիտալ Օկզպուրկի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ յատուկ բուժումի պիտի ենթարկուի, որմէ ետք կը յստականայ անոր ծունկին ստացած վնասուածքին տարողութիւնը:
Ըստ այլ լուրերուն, ան պիտի ենթարկուի վիրաբուժութեան: