Այս ամրան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի միջազգային մրցաշարք մը «Ինթըրնեշընըլ Չեմփիընզ Քափ-2018» անունին տակ, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 17 ակումբներ Անգլիայէն, Սպանիայէն, Իտալիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն եւ Փորթուգալէն:
Այդ ակումբները պիտի ըլլան Ռէալ Մատրիտ, Թոթենհամ, Եուվենթուս, Ա. Սէ. Միլան, Մանչեսթըր Սիթի, Լիվըրփուլ, Մանչեսթըր Եունայթըտ, Պայէրն Միւնիխ, Չելսի, Փարիզ Սեն Ժերմեն, Արսենալ, Սեւիլլա, Ա. Էս. Ռոմա, Ինթեր Միլան, Պորուսիա Տորթմունտ, Պենֆիքա եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ:
Անոնց միջեւ մրցումները տեղի պիտի ունենան Աւստրիոյ, Իտալիոյ, Սինկափուրի, Շուէտի, Զուիցերիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Նախորդ տարուան տիտղոսակիրն է Պարսելոնա: Անոր նման տիտղոսին մէկական անգամ տիրացած են նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Ռէալ Մատրիտ, մինչ Փարիզ Սեն Ժերմեն տիտղոսը բարձրացուցած է 2 անգամ: