Նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի սուսերամարտի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Եւրոպայի սուսերամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Սթանիսլաւ Փոցնիատսքու, Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Գաբրիէլ Ղազարեան, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ Դերենիկ Գաբրիէլեան եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներ:
Լրագրողներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Հայաստանի սուսերամարտի նախագահ Արմէն Գրիգորեան ըսաւ, թէ այս ախոյեանութիւնը պիտի ընթանայ պայքարի բաւական սուր ոգիով` նկատի ունենալով, որ Հայաստան հասան զօրաւոր խումբեր` իրենց լաւագոյն մարզիկներով:
Այս ախոյեանութեան կը մասնակցին 32 երկիրներէ շուրջ 300 մարզիկներ:



