Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած լուրի մը մէջ նշուեցաւ, որ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Լիբանանի Բ. դասակարգի տղոց նահանգներու ախոյեանութիւնը, եւ յստակացան այն խումբերը, որոնք ապահովեցին աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իրենց տոմսերը:
Անոնք հետեւեալներն են.
Ահտ (Պէյրութ), Շարթիէ Տար Նուր Տահըր Այն (հիւսիս), Շապապ Հաուշ Ումարա – Զահլէ (Պեքաա), Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա, Ժամհուր, Շիահ (Լեռնալիբանան), Սարաֆանտ (հարաւ) եւ Ահլի Խիամ (Նապաթիէ):
Վերոնշեալ խումբերը պիտի բաժնուին երկու խմբակի: Մրցումներու աւարտին այն խումբը, որ կը գրաւէ առաջին դիրքը, պիտի բարձրանայ Ա. դասակարգ, մինչ երկրորդ հանդիսացողը փլէյ-օֆի մրցում պիտի կատարէ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ դիրքը գրաւող խուբին հետ: