Լիբանանի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 16 ապրիլին ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը կիսաւարտականին գծով մրցում մը ունի կատարելիք Անթունիէի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք):
ՀՄԸՄ-ի կազմին համար այս մրցումը կը նկատուի կարեւոր` նկատի ունենալով, որ յաղթանակը խումբը պիտի առաջնորդէ դէպի աւարտական հանգրուան` ճակատելու համար Պէյրութի դէմ: Վերջինս կիսաւարտականին մրցում չկատարեց, այլ ուղղակիօրէն ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ անոր մրցակիցը Ռիատի, քաշուեցաւ մրցաշարքէն:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: