Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մինի-ֆութպոլի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին բաւական տպաւորիչ մթնոլորտի մէջ սկսաւ Լիբանանի մինի-ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքը` Քֆարշիմայի «Փրօ-ֆութպոլ»-ի դաշտերուն վրայ:
Ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ մրցումները կատարուեցան մեծ խանդավառութեամբ` նկատի ունենալով, որ թէ՛ կազմակերպական իմաստով եւ թէ՛ ալ համակիրներու թիւին իմաստով, անիկա եղաւ բացառիկ, մինչ իրաւարարները իրենց կարգին եղան գրեթէ անսխալ:
Քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը ապահովեցին Աթլեթիքօ Ժպէյլ Մաժտ Մէյս Ժապալ, ներքին ապահովութեան ուժերու խումբը եւ Սփայտըր Պարժա:
Մրցումները կը շարունակուին շաբաթավերջին: