Սպանացի անուանի բերդապահ Իքեր Քասիաս շատ հաւանաբար Փորթուգալի մէջ շարունակէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը` նկատի ունենալով, որ անոր ակումբը` Փորթօ, կը մտադրէ անոր առաջարկել նոր պայմանագրութիւն մը:
Ըստ սպանական մամուլին, Փորթօ անոր պիտի առաջարկէ նոր պայմանագրութիւն մը, սակայն աւելի քիչ աշխատավարձով:
Այս տարեշրջանին ան Փորթոյի հետ կատարեց 27 մրցումներ, որոնցմէ 17-ին իր բերդը պահեց անառիկ: