Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի 58-րդ ախոյեանութիւնը երէկ հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան 22-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Ահտ, որ արդէն իսկ նախավերջին հանգրուանին հանդիսացած էր Լիբանանի ախոյեան, իր վերջին մրցումին 3- 1 արդիւնքով յաղթեց Նըժմէին: Այս մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Քամիլ Շամունի անուան մարզաւանին մէջ, կատարուեցաւ դռնփակ` առանց համակիրներու:
Մրցումին աւարտին ախոյեան Ահտի մարզիկները ստանձնեցին ախոյեանութեան իրենց բաժակը:
Կիրակի, 29 ապրիլին, երկու կազմերը դարձեալ իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումին: