«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն երկրորդ օրը, երէկ կատարուեցան չորս ճակատումներ:

Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ հիւրընկալեց Ինտիանա Փէյսըրզը, կրեց իր առաջին պարտութիւնը` 98-80 արդիւնքով: Լեպրոն Ճէյմս (Քաւալիրզ) թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (24 կէտ, 10 ռիպաունտ, 12 էսիսթ):
Հիուսթըն Ռոքեթց իր դաշտին վրայ 104-101 արդիւնքով յաղթեց Մինեսոթա Վուլվզին:
Ռոքեթցի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Ճէյմս Հարտեն, որ նշանակեց 44 կէտ:
Պոսթըն Սելթիքս երկարաձգումէն ետք 113-107 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Միլուոքի Պաքսին, հակառակ անոր որ վերջինէս Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ նշանակեց 35 կէտ:
Վերջապէս, երէկուան վերջին ճակատումին Օքլահոմա Սիթի 116-108 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եութա Ճեզը: