Մարզական

Պասքեթպոլ. Ուապա Աղջկանց 2018-ի Բաժակի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հասաւ Աւարտականին, Ուր Սակայն Պարտուեցաւ Ռիատիէն (67-64)

Շաբաթ, 14 ապրիլին, Ամմանի մէջ (Յորդանան) վերջ գտաւ ՈՒԱՊԱ պասքեթպոլի աղջկանց 2018-ի բաժակի մրցաշարքը` աւարտականի մրցումով: Աւարտական այս մրցումը, որ եղաւ զուտ լիբանանեան, իրարու դէմ հանեց ՀՄԸՄ Անթիլիասը եւ Ռիատի Պէյրութը: Ռիատի Պէյրութը տիտղոսը պահեց իր մօտ` արձանագրելով 67-64 արդիւնքով յաղթանակ մը (20-12, 23-10, 11-16, 13-26): Ինչպէս նկատելի է, Ա. կիսախաղին Ռիատի կրցաւ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնել եւ մրցումին տեւողութեան նոյնիսկ...

«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըր Սիթի Ախոյեան` Աւարտէն 5 Հանգրուան Առաջ

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրիմիեր լիկ»-ի 33-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, երէկ յստակացաւ ախոյեանին անունը, եւ այդ մէկը` անոր աւարտէն 5 հանգրուան առաջ: Ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի մարզիկները Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ իր դաշտին վրայ նուազագոյն հաշուով պարտուեցաւ Ուեսթ Պրոմուիչէն, ճամբան բացաւ Սիթիին, որ հռչակուի ախոյեան, Թոթենհամի դաշտին վրայ իր արձանագրած յաղթանակին (3-1) շնորհիւ: Այժմ Սիթի 16 կէտի առաւելութեամբ կը գերազանցէ Եունայթըտը,...

«Էն. Պի. Էյ.»-Փլէյ Օֆ. Ուորիըրզ, Ռեփթըրզ, Սիքսըրզ Եւ Նիւ Օրլինզ` Յաղթական

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումները սկսան երէկ, երբ կատարուեցան չորս ճակատումներ: Անթոնի Տէյվիս Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրընկալեց Սան Անթոնիօ Սփըրզը, 113-92 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քլէյ Թոմսըն նշանակեց 27 կէտ: Իր հիւրին` Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի հաշուոյն յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Թորոնթօ Ռեփթըրզ` 114-106 արդիւնքով: Իսկ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ իր կարգին յաղթական եղաւ իր դաշտին վրայ, Մայեմի Հիթի...

Հայկական Պասքեթպոլ Ա.- Լիկա. Արցախ Յաղթեց Արթիկին` Աւարտականի Առաջին Մրցումին (100-74)

Շաբաթ, 14 ապրիլին, Երեւանի նախկին Միքա մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. Լիկայի աւարտականի առաջին մրցումը` Արթիկի եւ Արցախի միջեւ: Այս առաջին մրցումը աւարտեցաւ Արցախի յաղթանակով` 100-74 արդիւնքով: Մրցումին գլխաւոր իրաւարարն էր Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան: Մրցումին ազդանշանին տրուելէն առաջ, նախարարը լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով ըսաւ, թէ երկու կազմերն ալ արժանի են ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալու: Երկու կազմերուն...

«Ֆորմիւլա – 1». Տանիել Ռիքիարտօ Յաղթական` Չինաստանի Կրան Փրիին

«Ֆորմիւլա-1»-ի 2018-ի աշխարհի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի կրան փրին, որ տեղի ունեցաւ երէկ, Չինաստանի մէջ (Շանկհայի վազքուղիին վրայ), աւարտեցաւ «Ռետ Պուլ»-ի աւստրիացի վարորդ Տանիել Ռիքիարտոյի յաղթանակով: «Մերսետես»-ի վարորդ Վալթերի Պոթթաս գրաւեց երկրորդ դիրքը, իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Քիմի Ռայքոնընը («Ֆեռարի»): «Մերսետես»-ի երկրորդ վարորդը` Լուիս Հեմիլթըն գրաւեց չորրորդ դիրքը, մինչ նախորդ երկու կրան փրիներուն յաղթած Սեպասթիան Վեթել («Ֆեռարի») գրաւեց 8-րդ դիրքը:

«Լա Լիկա». Պարսելոնայի Հաստատած Նոր Մրցանիշը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 32-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պարսելոնա իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով  յաղթելէ ետք Վալենսիային, անպարտելի մնալու ծիրին մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատեց Սպանիոյ մէջ: Քաթալոնական ակումբը, որ  յաջորդաբար 39-րդ մրցումին պարտութիւն չկրեց, կտրեց Ռէալ Սոսետատի հաստատած մրցանիշը, որ 1980-ին 38 մրցումի ընթացքին պարտութիւն չկրեց (21 յաղթանակ, 17 հաւասարութիւն): Պարսելոնա արձանագրեց 32 յաղթանակ եւ 7 հաւասարութիւն:...

Պասքեթպոլ. «Ուապա» Աղջկանց 2018-Ի Բաժակի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Ապահովեց Աւարտականին Իր Տոմսը Եւ Այսօր Կը Մրցի Ռիատիի Դէմ

Ամմանի մէջ (Յորդանան) տեղի ունեցող «ՈՒԱՊԱ» պասքեթպոլի աղջկանց 2018-ի բաժակի մրցաշարքը այսօր կը հասնի իր աւարտին` աւարտականի ճակատումով, որ պիտի ըլլայ զուտ լիբանանեան, երբ իրարու դէմ պիտի մրցին ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ռիատի Պէյրութ: ՀՄԸՄ-ի աղջիկները երէկ ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսը, երբ 69-44 արդիւնքով (18-19, 21-7, 16-14 եւ 14-4) յաղթեցին յորդանանեան Ֆուհէյսի: ՀՄԸՄ-էն ամէնէն աւելի կէտը նշանակեց Ելենա Լէօշենքա (15), ապա`...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Շանվիլ – Սաժես Եւ Մութթահետ – Պէյրութ Չորրորդ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ, Ռիատի 102-79 արդիւնքով յաղթելէ ետք Անթունիէին, ապահովեց ֆայնըլ-ֆորին իր տոմսը, բնականաբար յառաջանալէ ետք 3-0 արդիւնքով: Պէյրութ - Մութթահետ երէկուան մրցումէնPROFOTO Այլ մրցումի մը ընթացքին, 2-0 արդիւնքով ուշացած Մութթահետ, երէկ Շիահի դաշտին վրայ արձանագրեց 82-76 արդիւնքով յաղթանակ մը` Պէյրութի դէմ: Պէյրութէն Պասել Պաուժի նշանակեց 27 կէտ: Այսօր ժամը 17:00-ին անոնց...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ` Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Պարսելոնա – Վալենսիա. Վաղը` Հռոմ Քաղաքի Տերպին

Այս շաբաթավերջին կատարուելիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, տեղի պիտի ունենան բաւական հետաքրքրական եւ կարեւոր ճակատումներ: Կարեւոր մրցումներէն մէկը տեղի պիտի ունենայ Սպանիոյ մէջ, ուր պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա այսօր պիտի հիւրընկալէ Վալենսիան (3-րդ): Պարսելոնա այժմ 11 կէտի առաւելութիւն մը ունի իր անմիջական մրցակիցին` Աթլեթիքօ Մատրիտի վրայ: Իտալիոյ մէջ վաղը բաւական կարեւոր պիտի ըլլայ Հռոմ քաղաքի տերպին, ուր իրարու...

Եւրոպական Ֆութպոլի Մրցաշարքերու Վիճակաձգութիւն. Պայէրն Միւնիխ – Ռէալ Մատրիտ Կիսաւարտականի Տաք Ճակատում

Երէկ` ուրբաթ, Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ եւրոպական ֆութպոլի երկու կարեւորագոյն մրցաշարքերուն` «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի լիկա»-ի կիսաւարտականի ճակատումներուն վիճակաձգութիւնը: Առաջինին պարագային գործող ախոյեան Ռէալ Մատրիտ, իրեն դէմ պիտի ունենայ Պայէրն Միւնիխը: Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Լիվըրփուլը եւ Ա. Էս. Ռոման: Նշենք, որ երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան Պայէրն Միւնիխի եւ Լիվըրփուլի դաշտերուն վրայ (24 եւ 25...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Լիբանանի 41-րդ Միջազգային Ռելին` 6-8 Յուլիսին

Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» նշեց, որ 6-8 յուլիսին երեք օրուան երկարութեամբ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 41-րդ միջազգային ռելին: Ասիկա կը նկատուի Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան կարեւորներէն մէկը: Արձանագրութիւնները կը սկսին 7 մայիսին եւ կ՛աւարտին չորեքշաբթի, 20 յունիսին, ժամը 17:00-ին: Կազմակերպիչ յանձնախումբը այս ռելիին գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ տարբեր առիթներով:

Ինիեսթա Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Չինաստանի Մէջ

Պարսելոնայի միջնապահ Անտրես Ինիեսթա որոշեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Չինաստանի մէջ: Այս մասին յայտնեց «Քաթալունիա Ռատիօ»-ն: Նշուեցաւ, որ 33 տարեկան ֆութպոլիստը Թրայցզին Եուանկզիան խումբին հետ պիտի ստորագրէ երեք տարուան համաձայնագիր մը, փոխան` 37 միլիոն եւրոյի: Շատ հաւանական է, որ ան ատիկա մէկ տարիով երկարաձգէ:

Ասիոյ Քիք-Պոքսինկի Ախոյեանութիւնը Լիբանանի Մէջ

Լիբանանի քիք-պոքսինկի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ կիրակի, 29 ապրիլին Լիբանան կը հիւրընկալէ Ասիոյ քիք-պոքսինկի երկրորդ ախոյեանութիւնը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ Քամիլ Շամունի մարզական աւանին մէջ եւ պիտի սկսի ժամը 15:30-ին: Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը կը վայելէ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հովանաւորութիւնը:

Նիքօ Քովաչ` Պայէրն Միւնիխի Նոր Մարզիչ

Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի մարզիչ Նիքօ Քովաչ այս տարեշրջանին աւարտին պիտի գլխաւորէ Պայէրն Միւնիխը, որուն պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց այս լուրը: Խրուաթ մասնագէտը պիտի կնքէ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը եւ իր աշխատանքին պիտի սկսի 1 յունիսին: Անոր տեղափոխութեան համար, միւնիխեան կազմը Ֆրանքֆորթի պիտի վճարէ 2,2 միլիոն եւրօ: 46 տարեկան Նիքօ Քովաչ, որ 2016-էն ի վեր Ֆրանքֆորթի մարզիչն է, իրեն հետ Պայէրն պիտի...

Սալահ Երրորդ Անգամն Ըլլալով «Փրեմիեր Լիկ»-ի Ամսուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Լիվըրփուլի մաս կազմող եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ ընտրուեցաւ Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի մարտ ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Լուրը փոխանցեց Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Ան այս տարեշրջանին երրորդ անգամն ըլլալով (նախապէս` նոյեմբերին եւ փետրուարին), կը տիրանայ այս տիտղոսին, ինչ որ կարելի է սեպել մրցանիշ մը: Ան այժմ իր նշանակած 29 կոլերուն շնորհիւ կը գլխաւորէ ռմբարկուներուն պարագլուխի դիրքը:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Հանդիսացաւ Առաջին Խումբը, Որ Հասաւ Ֆայնըլ-Ֆորին

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ հիւրընկալեց Լուէյզին: ՀՄԸՄ, որ առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ տարած էր, արձանագրելով` երրորդը, հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ ապահովեց ֆայնըլ-ֆորի մրցումներու իր տոմսը: ՀՄԸՄ-էն 27 կէտ նշանակեց Սեմ Եանկ, 19 կէտ` Հայկ Կէօքճեան, 15 կէտ` Ուոլթըր Հոճ, 11 կէտ` Մաքրամ...

Պասքեթպոլ «Ուապա» – Աղջկանց 2018-ի Բաժակի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց Եւ Այսօր Կիսաւարտականին Կը Մրցի Ֆիւհէյսի Դէմ

Ամմանի մէջ (Յորդանան) տեղի ունեցող «ՈՒԱՊԱ» պասքեթպոլի աղջկանց 2018-ի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Անթիլիաս, յաղթանակ մը արձանագրելով, ապահովեց կիսաւարտականին իր տոմսը եւ այսօր` ուրբաթ, ժամը 19:00-ին, կը մրցի Ֆիւհէյսի (Յորդանան) դէմ: ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները երէկ իրենց յաղթանակը արձանագրեցին իրանեան Նաֆթ Ապատանի դէմ` 68-48 արդիւնքով (24-13, 19-9, 13-13 եւ 12-13): Մրցակից կազմը, թէեւ թրի փոյնթերով աւելիով տիրապետեց (7-ը փոխան`...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Մարսէյ – Լիոն Գագաթի Ճակատում

«Եւրոպայի Լիկա». Արսենալ, Աթլեթիքօ Մատրիտ, Սալզպուրկ Եւ Մարսէյ Ապահովեցին Կիսաւարտականին Իրենց Տոմսը

Եւրոպայի Լիկայի ֆութպոլի մրցաշարքին կիսաւարտականի չորս խումբերուն անունները երէկ յստակացան, երբ կատարուեցան քառորդ աւարտականի դարձի մրցումները: Քառորդ աւարտականի այս հանգրուանը շրջանցեցին Արսենալ, Աթլեթիքօ Մատրիտ, Սալզպուրկ եւ Մարսէյ: Հակառակ անոր որ Լացիօ Ռոմա երթին 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկ պարտուեցաւ Սալզպուրկէն եւ դուրս մնաց: Սփորթինկ Լիզպոն թէեւ յաղթեց Աթլեթիքօ Մատրիտի, սակայն դուրս մնաց, որովհետեւ երթին պարտուած էր (2-0): Արսենալ,...

Չաւի 2 Տարի Եւս Պիտի Մնայ Սատի Հետ

Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին միջնապահ Չաւի, 2 տարի եւս պիտի մնայ քաթարեան Սատ խումբին հետ: Քաթարեան ակումբին կողմէ հրապարակուած այս լուրին մէջ, սակայն, չնշուեցաւ, թէ որքա՞ն պիտի ըլլայ անոր գանձելիք աշխատավարձքը:

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Կիրակի, 22 Ապրիլին Լիբանանի 34-րդ Գարնանային Ռելին

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ կիրակի, 22 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 34-րդ գարնանային ռելին Քեսրուանի եւ Ժիպէյլի շրջանին մէջ: Այս ռելին պիտի ըլլայ Լիբանանի 2018 տարուան ռելիներու ախոյեանութեան առաջին հանգրուանը: Անոր ընդհանուր երկարութիւնն է 328,49 քմ: Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է երկուշաբթի, 16 ապրիլ, ժամը 16:30-ին: Երեքշաբթի, 17 ապրիլին, ժամը 11:00-ին պիտի...

Page 850 of 1278 1 … 849 850 851 … 1,278

Արխիւներ