Մանչեսթըր Սիթիի մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ երէկ ենթարկուեցաւ ծունկի վիրաբուժութեան:
Անոր ապաքինման համար կը պահանջուի քանի մը շաբաթ, ինչ որ կը նշանակէ, որ ան այս տարեշրջանին պիտի չտեսնուի ֆութպոլի դաշտերուն վրայ:
Ակուերօ վիրաւորուեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ տեղի ունեցած մրցումին:
Ան այս տարեշրջանին «Փրեմիեր-լիկ»-ի 25 մրցումի մասնակցելով նշանակեց 21 կոլ եւ կատարեց 6 էսիսթ: