Հոլանտայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի աւարտէն երեք հանգրուան առաջ, ՓՍՎ Այնտհովըն ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը, երբ 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն խումբը 3-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Այաքս Ամսթերտամին:
Այժմ անիկա 10 կէտի առաւելութիւն մը ունի երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ամսթերտամի վրայ եւ այսպիսով ապահովեց տիտղոսը` իր պատմութեան մէջ 24-րդ անգամն ըլլալով:
Վերջին անգամ խումբը տիտղոսին տիրացած էր 2015-2016 տարեշրջանին:
2016-2017 տարեշրջանին ախոյեանն էր Ֆէյէնուրտ Ռոթերտամ:



