ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Անգլիոյ ոստիկանութիւնը յատուկ թիկնապահներ տրամադրած է Ռէալ Մատրիտ – Եուվենթուս մրցումի («Չեմփիընզ լիկ») կեդրոնի գլխաւոր իրաւարար Մայքըլ Օլիվըրին:
Վերոնշեալ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն, ի նպաստ Ռէալ Մատրիտին փենալթի մը սուլած Մայքըլ Օլիվըրը եւ անոր կինը մահուան սպառնալիքներ կը ստանան անծանօթ անձերէ, որոնք շատ հաւանաբար ըլլան իտալացիներ` նկատի ունենալով, որ նշանակուած այդ փենալթիին պատճառով իտալական կազմը դուրս մնաց մրցաշարքերէն:
Նշուեցաւ նաեւ, որ Մայքըլի կինը եւս իրաւարար է եւ Անգլիոյ մէջ կը սուլէ շարք մը մրցումներ: